2016-05-22 12:28:00

22 Մայիս` Տօն Սրբուհի Ռիթայի - Սրբուհի Ռիթայի աղօթք


            ԱՂՕԹՔ ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱՅԻ
            «Արագահաս Սրբուհի Ռիթա, մեր ցաւերուն սիրով փութա»:
            Արագահաս Սրբուհի Ռիթա, կ՛ըսեն որ
            դուն անկարելի բաներու սրբուհին ես եւ կորսուած դատերու փաստաբան:Ես ալ քաջալերուած այս
            խօսքերէն, քեզի կը դիմեմ ու կը խնդրեմ որ հասնիս օգնութեան:Երբ հիւանդանամ, բժշկէ զիս,
            երբ փորձութիւններ պաշարեն հոգիս, ցրուէ զանոնք, երբ մեղքի մէջ իյնամ, ցաւ ու զղջում
            ներշնչէ, երբ պէտք եղածին պէս չեմ սիրեր զԱստուած, ջերմացուր հոգիս: Ըլլամ քեզի պէս մաքուր,
            եռանդուն եւ վշտակրութիւնը սիրող:Բարեխօսէ ինծի համար որ սիրեմ Մարիամը, Սուրբ Հայր Յովսէփը
            եւ երկնքի բոլոր սուրբերը,ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.